Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիակա կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամը:
Ժան Համմամ նախարարը տեղեակ պահեց ողիմպիական կոմիտէին տարած աշխատանքներուն մասին` յառաջիկայ տարի Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիականին գծով, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ Լիբանանի մարզիկներուն մասնակցութեան հարցը` զտումի մրցումներուն գծով:
Նախարարը յաջողութիւն մաղթեց այն բոլոր մարզիկներուն, որոնք ողիմպիականի տոմս մը ապահովելու համար զտումի մրցումներուն կը մասնակցին: