Անգլիական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու 435 հազար եւրոյով տուգանքի ենթարկուեցաւ իր ակումբին կողմէ:
Պելճիքացին չէ մասնակցած խումբին փորձերուն եւ առանց արտօնութեան մարզուած է Անտըրլեխթի մարզադաշտին վրայ:
Վերջերս լուրեր կը տարածուէին, որ Լուքաքու, դժգոհ ըլլալով իր ակումբէն, կը մտադրէ տեղափոխուիլ Եուվենթուս:



