Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
40 տարեկան յառաջապահը վերջին անգամ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ մայիս 2018-ին:
Ան 2002-էն 2014 մաս կազմած է Ուրուկուէյի ազգային խումբին:



