Երէկ յետմիջօրէին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Արարատ Արմենիան հիւրընկալեց Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալոն:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Հայաստանի ախոյեանը կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ հայկական կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար (31-րդ): Սակայն հիւր կազմը Բ. կիսախաղին նշանակեց երկու կոլ (72-րդ եւ 76-րդ):
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսին, Վրաստանի մէջ:



