Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ Երեւան կը հիւրընկալէ անգլիական Վուլվզը, որ մաս կը կազմէ «Փրեմիեր-լիկ»-ին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուած են Իտալիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Մայքըլ Ֆապրի:



