ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին եւ Ախա Ահլի Ալէյի յետսապահ Ահմետ Աթուէի միջեւ բանակցութիւնները դադրած են:
Այդ բանակցութիւնները որեւէ լուծումի չյանգեցան` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէր իր պահանջին վրայ:
Նշուեցաւ, որ բանակցութիւնները այժմ դադրած են` նկատի ունենալով, որ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալ այժմ երկրէն դուրս կը գտնուի:
Կ՛ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ, որ Անսար իր կազմին միացնէ լիբանանցի-պուլկարացի երիտասարդ ֆութպոլիստ Այատ Համմուտը, որ այժմ փորձեր կը կատարէ «Կանաչներուն» հետ:
Անսար հետաքրքրուած է Համմուտով` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նոր որոշումով, խումբերը պէտք է յաւելեալ ջանք թափեն 22 տարեկանէն վար ֆութպոլիստներու վրայ` 2019-2020 տարեշրջանին ընթացքին:
ՄԱՊԱՐՐԱՅԻ հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարզիչ Ուսամա Սաքըր նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն, իսկ Հասաան Պայտուն նշանակուեցաւ ակումբի տարիքային խումբերու մարզիչ:
Սաքըր 2000-2001 տարեշրջանին եղած է Մապարրայի գլխաւոր մարզիչ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Թէօ Պոքերի առաջին օգնականը:


