Իրաքի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ազգային խումբը ոչ համոզիչ` 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պաղեստինի հետ:
Այսպիսով, Քարպալայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ էին հինգ հարիւր համակիր, Լիբանանի Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւելու յոյսերը չքացան:



