Ալաշկերտ Երեւանի աղջկանց ֆութպոլի խումբը 7-13 օգոստոսին Հոլանտայի մէջ կը մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին:
Հայկական խումբին մրցակիցները պիտի ըլլան հոլանտական Թվենթէն, լեհական Կոռնիքը եւ թրքական Պեշիքթաշը:
Վերոնշեալ երեք մրցումներուն նախօրեակին, Ալաշկերտին միացաւ 19 տարեկան յառաջապահ Մարալ Արթին, որ նախքան երեւանեան ակումբ տեղափոխուիլը, Գերմանիոյ մէջ մաս կը կազմէր Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանքֆորթի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ կրտսերներու ազգային խումբին:
Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Մարալ Արթին ըսաւ. «Ալաշկերտի մէջ զիս շատ լաւ ընդունեցին: Բաւական ծանօթ էի խաղացողներու հետ հաւաքականի մրցելոյթներէն, սակայն մեծ տարբերութիւն կայ հաւաքականին եւ ակումբին միջեւ:
«Տեղափոխուեցայ Ալաշկերտ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար: Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ Ալաշկերտի հետ բացառիկ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Իմ գլխաւոր նպատակս Պեշիքթաշին յաղթելն է: Մենք պարտաւոր ենք այդ մրցումին յաղթել:
«Ես հանդիսացած եմ Գերմանիոյ ախոյեան եւ լաւագոյն ռմբաձիգ` Պայէրն Միւնիխի հետ:
«Բնականաբար, գերմանական ֆութպոլին մակարդակը բարձր է, բայց Հայաստանի մէջ եւս աղջկանց ֆութպոլը աստիճանաբար կը զարգանայ:
«Յոյսով եմ, որ Ալաշկերտի հետ կ՛անցնինք յաջորդ հանգրուան»:




