Ամերիկեան «Տի. Սի. Եունայթըտ» խումբին մաս կազմող անգլիացի միջազգային նախկին յառաջապահ Ուէյն Ռունի վերադարձաւ հայրենիք եւ մաս կազմեց Ա. դասակարգի խումբերէն Տերպի Քաունթիին` իբրեւ մարզիկ-մարզիչ:
Ան 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, որ ուժի մէջ կը մտնէ յունուար 2020-էն սկսեալ:
Ռունի իր պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք «Մէյճըր լիկ»-ի խումբին հետ, պիտի միանայ Տերպիին` կրելով թիւ 32 մարզաշապիկը:



