Հերի Մակուայըր Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին
Մանչեսթըր Եունայթըտ իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Լայսթըր Սիթիի յետսապահ Կերի Մակուայըրին: Մանչեսթըր մինչեւ 2025 պայմանագրութիւն մը կնքեց 26 տարեկան անգլիացիին հետ: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անոր այս փոխանցումը Մանչեսթըրին արժեց աւելի քան 87 միլիոն եւրօ:




