Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու երրորդ ախոյեանութիւնը:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Պահրէյն, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Իրաք, Օման, Եմէն, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին եւ Լիբանան:



