Երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Պատուիրակութիւնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը հովանաւորած ըլլալուն համար:
Այնուհետեւ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նախարարին ներկայացուց ֆետերասիոնին 2019 տարուան ընթացքին գործադրելիք յայտագիրը:
Հանդիպումին աւարտին Ծատուրեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին` առ ի երախտագիտութիւն:



