Փորթուգալի մէջ աւարտած «Ֆամալիքաօ-օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 9 կէտ ապահովելով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Գրիգորեան ցոյց տուած է 3103 գործակից ուժի խաղ, ինչ որ ամէնէն բարձրն է ճատրակի պատմութեան մէջ:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր աշխարհի փոխախոյեան Ֆապիանօ Քարունային (3098), որ հաստատուած էր Սինկֆիլտի բաժակի մրցաշարքին: