«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Մասնակցող Վարորդները
Ինչպէս ծանօթ է, 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 645,24 քմ: Պաշտօնական հաղորդակցութեամբ մը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց այս ռելիին մասնակցող 27 վարորդներուն անունները` անոնց...


