Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Խմբակներու Հանգրուանի Վիճակաձգութեան Արդիւնքները

Երէկ` հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու հանգրուանին վիճակաձգութիւնը: 32 խումբերը բաժնուեցան 8 խմբակի: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա), Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա), Ֆ. Ք. Պրիւժ (Պելճիքա) եւ Կալաթասարայ (Թուրքիա): Բ. ԽՄԲԱԿ.- Պայէրն Միւնիխ (Գերմանիա), Թոթենհամ (Անգլիա), Օլիմփիաքաս (Յունաստան), «Կարմիր Աստղ» Պելկրատ (Սերպիա): Գ. ԽՄԲԱԿ.- Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա),...

Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Շարք Մը Ճակատումներ

Հակառակ անոր որ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ՛ունենայ շաբաթավերջին, բայց եւ այնպէս ուրբաթ օրերն ալ կը կատարուին քանի մը մրցումներ: Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն կարգին են հետեւեալ ճակատումները (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ՖՐԱՆՍԱ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԺԱՄ Մես - Փարիզ Սեն ժերմեն 21:45 ԳԵՐՄԱՆԻԱ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ   Մէօնշընկլատպախ - Լայփցիկ 21:30 ԻՏԱԼԻԱ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ   Պոլոնիա - ՍՓԱԼ 21:45 ՍՊԱՆԻԱ....

«Մեր Ամէն Կարելին Կ՛ընենք Շրջանին Մէջ Մարզական Աշխուժ Մթնոլորտ Մը Ստեղծելու Համար» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Կարօ Պէրպէրեան

Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Վարչութեան Ատենապետին Հետ Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութեան տարած աշխատանքներուն եւ շրջանի երկսեռ  պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար, «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանի հետ, որ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց տարուող աշխատանքներուն մասին: Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները. «ԱԶԴԱԿ».- Նախ սկսինք աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող պասքեթպոլի...

Փինկ Փոնկ. Ամառնային Մրցաշարք. Սեւան Չեքմէեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Ռիատիի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը: Աղջկանց 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սեւան Չեքմէեան թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քլարա Շլելայէն (Պէյրութ 1875-Սեն Ժոզեֆ համալսարան), հանդիսացաւ փոխախոյեան: Ուրիշ ոեւէ հայ մրցանակային դիրք չգրաւեց:  

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու.  «Ար.Էս.Թիմ» Խումբը Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. «Ար.Էս.Թիմ» Խումբը Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին կայացման առիթով` «Ար.Էս.Թիմ» խումբը «Ափթաուն Պէյրութ» ճաշարանին մէջ (Նաքքաշ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց իր չորս վարորդներն ու անոնց օգնականները, որոնք պիտի մասնակցին այս ռելիին: Ինչպէս ծանօթ է, այս ռելին տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Խումբին նախագահը` Շարպել Ասաքեր ըսաւ, թէ չորս վարորդներն ու անոնց օգնականները...

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Գիւղերու Մրցաշարք. Ռապիէ Խատրաա Մաղտուշէ Տիրացաւ Տիտղոսին

«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած` լիբանանեան գիւղերու պասքեթպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումները աւարտեցան: Այս հանգրուանին մասնակցեցան Ռապիէ Խատրաա Մաղտուշէ ակումբին մէջ (հարաւ) ութ խումբեր: Աւարտական մրցումին Մաղտուշէ խումբը 67-58 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքաֆի Ռիատի Իժթիմահի խումբին, տիրացաւ տիտղոսին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ համակիրներ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:  

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Տիւտելանժ-Արարատ Արմենիա Դարձի Մրցումը

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ ապահովեց «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ հայկական որեւէ խումբ չէր յաջողած այդ հանգրուանին հասնիլ: Այսօր` հինգշաբթի, 29 օգոստոսին Արարատ Արմենիայի կազմը կրնայ անգամ մը եւս պատմութիւն կերտել, եթէ յաջողի շրջանցել Տիւտելանժի (Լիւքսամպուրկ) արգելքը, երբ դարձի մրցումներուն մրցաշարքէն դուրս ձգէ իր մրցակիցը: Ժամը...

Ճատրակ. «Սինքուեֆիլտ Քափ». Արոնեան Արձանագրեց Այլ Հաւասարութիւն Մը. Ան Ցարդ Կը Մնայ Առանց Յաղթանակի

Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի գերմրցաշարքը արդէն իսկ հասած է իր աւարտին եւ անոր մասնակցող կրանտմասթըրները միայն մէկ մրցում ունին կատարելիք: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի, 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին արձանագրեց հաւասարութիւն մը եւս, այս անգամ` չինացի Տին Լիրենի հետ: 43-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան հաւասարութեան: Արոնեան, որ առաւելագոյն 10...

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով պայքարը չկրցաւ շարունակել, երբ 6-4, 5-7, 5-7, 6-4 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով քանատացի Վասեք Փոսփիշիլէն, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ գրեթէ առանց դժուարութեան ապահովեց...

1885-ին Հիմնուած Անգլիական Ֆութպոլի Ակումբը Հեռացուեցաւ Լիկայէն

Պըրի Ֆ. Ք. ֆութպոի ակումբը հեռացուեցաւ անգլիական ֆութպոլի լիկայէն եւ զրկուեցաւ արհեստավարժ կարգավիճակէն, յայտնեց լիկային պաշտօնական կայքը: 1885-ին հիմնուած ակումբը յաջորդաբար 125 տարի մասնակցած է լիկայի ախոյեանութիւններուն: Տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող ակումբը երաշխիքներ չէ կրցած գտնել, ինչպէս նաեւ չէ կրցած ապահովել յաճախորդ մը, որ  գնէ ակումբը: Այժմ 3-րդ դասակարգի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 23 խումբեր:  

Ճատրակի Մրցաշարք` Թաանայելի Մէջ. Նանոր Արնէլեան Եւ Ճիօ Գալուստ Հանդիսացան Առաջին

Կազմակերպութեամբ Պեքաայի Արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 25 օգոստոսին, Թաանայելի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 254 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու: Նանոր Արնէլեան                                                                                        Ճիօ Գալուստ Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ շուրջ տասը հայ ճատրակ խաղացողներ, որոնք արձանագրեցին բաւական լաւ արդիւնքներ: Մեծերու մրցաշարքին, աղջկանց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Նանոր Արնէլեան: 18...

Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան Լիբանանի Աղջկանց Խումբը Վերադարձաւ Պէյրութ

PROFOTO Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեան հանդիսացած Լիբանանի ազգային խումբը երէկ` երեքշաբթի, 27 օգոստոսին վերադարձաւ Պէյրութ եւ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Լիբանանի կազմը առանց պարտութիւն կրելու տիրացաւ տիտղոսին: Ախոյեան կազմը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահ Ղազի Պուսթանի: Յայտնենք, որ Լիբանանի խմբապետ Ռեպեքա Աքըլ ճանչցուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը,...

Նարեկ Փանոսեան Հասաւ Մոն Պլանի Գագաթը

Նարեկ Փանոսեան Հասաւ Մոն Պլանի Գագաթը

Նախորդ շաբաթավերջին, Նարեկ Փանոսեան կարեւոր իրագործում մը կատարեց իրեն, իր ընտանիքին եւ լիբանանահայութեան համար, երբ բարձրացաւ Ալբեան լեռներու ամէնէն բարձր գագաթը, որ կը կոչուի Մոն Պլան: Ան մագլցելով հասաւ 4810 մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ գագաթը, որ ձիւնածածկ էր եւ պաղ` մշտական ձիւնին պատճառով: Բնականաբար, ան այդ նուաճումը իրագործեց կատարելով լեռ մագլցելու յատուկ փորձ, որ կը կոչուի Ալփինիզմ եւ լեռ մագլցողներուն...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնը Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Լը Ռուայալ» պանդոկի (Տըպպայէ) «Ազիւրէա» սրահին մէջ  կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս կը յայտարարէ Պէյրութի միջազգային 2-րդ մրցաշարքը հիւրընկալելու մասին: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 6-8 սեպտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, Զուք Միքայէլ: Այս մամլոյ ասուլիսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ փրոթոգոլային...

Ուրբաթ, 30 Օգոստոսին. Շարք Մը Անուանի Վարորդներ «Ա. Թէ.Սէ.Էլ.»-ի Մէջ Կու Տան Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիի կազմակերպիչ միութիւնը` «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.» յայտնեց, որ ուրբաթ, 30 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին մասնակցող շարք մը անուանի վարորդներ «Ա.Թէ.Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը: Այդ վարորդներուն կարգին պիտի ըլլան քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ, լիբանանցի Ռոժէ Ֆըղալի, քաթարցի Նասեր Խալիֆա Աթիէ, քուէյթցի Մաշարի Զաֆիրի, լիբանանցի Փաթրիք Նըժէյմ, լիբանանցի Հանրի Քահի եւ լիբանանցի...

Շաբաթ, 31 Օգոստոսին. Պաշտօնական Բացում` Անթուան Ղորայյեպի Անուան Պասքեթպոլի 7-Րդ Մրցաշարքին

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղորայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային 7-րդ մրցաշարքը, շաբաթ, 31 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ: Մրցաշարքի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին (Սատ Պաուշրիէ) մէջ: Մրցումները կը շարունակուին բացումէն ետք ալ, ինչպէս նաեւ յաջորդող օրը` կիրակի, 1 սեպտեմբերին:...

Լեւոն Ջուլֆալակեանի Հրաժարականը` Յունահռոմէական Ըմբշամարտի Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնէն

Ողիմպիական ախոյեան, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Անոր գլխաւորած հաւաքականը քանի մը օր առաջ վերադարձած էր Պիելոռուսիայէն, ուր կատարած էր հայրենիքէն դուրս իր վերջին հաւաքը` աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ: Ազգային հաւաքականը 29 օգոստոսին Երեւանի Օլիմփաւանի մէջ պիտի սկսի իր վերջին հաւաքին` աշխարհի ախոյեանութեան ընդառաջ, որ...

Ճատրակ. «Սինքուեֆիլտ Քափ». Արոնեան Եւ Քարլսըն Իրարմէ Բաժնուեցան Հաւասարութեամբ

Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ քափ»-ի գերմրցաշարքի 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով մրցեցաւ աշխարհի ախոյեան, միջազգային դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ: 41-րդ շարժումին անոնք համաձայնեցան այս հանդիպումը աւարտել հաւասարութեամբ: Արոնեան, որ այժմ ունի 3,5 կէտ, կը գրաւէ նախավերջին դիրքը: Քարլըսն ունի 4,5 կէտ: Նախավերջին հանգրուանին...

Պարսելոնայի Մէջ Զետեղուեցաւ Քրույֆի Արձանը

Քաթալոնիոյ մայրաքաղաք Պարսելոնայի մէջ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին զետեղուեցաւ հոլանտացի ֆութպոլիստ Եոհան Քրույֆի արձանը: 3,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող այս արձանը զետեղուեցաւ Պարսելոնայի «Քամփ-Նու» մարզադաշտին մօտակայքը: Քրույֆ Պարսելոնային մաս կազմած է 1973-էն 1978, իսկ իբրեւ մարզիչ խումբը գլխաւորած է 1988-էն 1996: Եոհան Քրույֆ մահացաւ մարտ 2016-ին:

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Սերենա Ուիլիըմզ 59 Վայրկեանի Ընթացքին Յաղթեց Շարափովային

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ 59 վայրկեանի ընթացքին 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Մարիա Շարափովայի դէմ: Մարկարիթա Գասպարեան Իր կարգին, Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան, որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փրիսքիլա Հոնին (Աւստրալիա): Ա. հանգրուանի...

Page 662 of 1279 1 … 661 662 663 … 1,279

Արխիւներ