Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ճատրակի «Սինքուեֆիլտ քափ»-ի միջազգային մրցաշարքին 7-րդ հանգրուանի ճակատումներէն ետք, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ցարդ կրցած է ապահովել 3 կէտ (առաւելագոյն 7 կէտէն), կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Արոնեան ցարդ իր կատարած ճակատումներէն վեցը աւարտած է հաւասարութեամբ, իսկ մէկուն պարտութիւն կրած:
Երեք կրանտմասթըրներ կրցած են ապահովել 4-ական կէտ:
8-րդ հանգրուանին Արոնեան սեւ քարերով պիտի մրցի Իան Նափոմնիաչիի դէմ (Ռուսիա), որ իր տրամադրութեան տակ ունի 3,5 կէտ: