«Մարքա» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բանակցիլ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
Նէյմարի տեղափոխութեան պարագային, Ռէալ Մատրիտ ստիպուած պիտի ըլլայ այլ կազմի մը փոխ տալ իր պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկոն:
19 տարեկան Ռոտրիկօ, որ Ռէալին միացաւ պրազիլական Սանթոսէն, մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է արքայայկան ակումբին հետ:
Անոր փոխանցման համար Ռէալ վճարեց շուրջ 40 միլիոն եւրօ:



