2018-2019 տարեշրջանի աւարտին իր տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ Բ. դասակարգէն Ա. դասակարգ բարձրացած Շապապ Սահել կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց, երբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին փենալթիներով 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անսարի դէմ` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էին երկու կողմերէն ալ մեծաթիւ համակիրներ (շուրջ վեց հազար):
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով, որմէ ետք ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներուն:
Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ, մինչ Բ. կիսախաղին նշանակուեցան յաւելեալ չորս կոլեր:
Անսարի կոլերը նշանակեցին Իւնիքա (19-րդ), Հասան Մաաթուք (58-րդ) եւ Հաժ Մալեք (64-րդ), մինչ Սահելի կոլերը` Ապպաս Աթուէ (42-րդ), Տաուտա Տիամի (47-րդ) եւ Քոլիփալի (54-րդ):
Այստեղ նշենք, որ Սահել իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:

Մրցումին աւարտին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ռեմոն Սըմաան տիտղոսը յանձնեց յաղթական կազմին` ներկայութեամբ Սահելի նախագահ Սամիր Տըպուքի: