Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Լիվըրփուլն ու Արսենալը: Անոնք երկուքն ալ ցարդ իրենց կատարած մրցումներուն արձանագրած էին երկուքական յաղթանակ:
Աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Լիվըրփուլ 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին:
«Էնֆիլտ»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ժոել Մաթիփ (41-րդ) եւ Մոհամետ Սալահ (49-րդ փենալթիով եւ 58-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ, դաշտ ներկայացաւ 86-րդ վայրկեանին:
Աւելի քան 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քրիսթալ Փալասէն:
Հիւր կազմը իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3):