Փիքէի 500-րդ Մրցումը`
Պարսելոնայի Հետ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուեցան ուշագրաւ իրագործումներ:

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ, որ Փորթյմաութի դէմ տեղի ունեցած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (3-1), 400-ի հասցուց իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը:
31 տարեկան Ակուերօ Սիթիի հետ 341 մրցումի ընթացքին նշանակած է 235 կոլ: Մնացեալը` այլ խումբերու հետ:

Իսկ Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային յետսապահ Ժերար Փիքէ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր 500-րդ պաշտօնական մրցումը` քաթալոնական ակումբին հետ:
32 տարեկան Փիքէ 2008-ին անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուած էր Պարսելոնա:


