Այսօր` Լիբանան – Սուրիա
Աւարտական
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գտնուող Օրթոտոքսի ակումբին մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները նախանցեալ օր հասան իրենց աւարտին:
Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ բաւական ծանր եւ ջախջախիչ պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը` Յորդանանը, 90-41 արդիւնքով (30-8, 48-18, 71-29, 90-41):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Նաթալի Սվաճեան եւ Տանիելէ Ֆայեատ (14-ական կէտ):
Երէկ` կիրակի, 25 օգոստոսին հանգիստի օր էր:
Այսօր` երկուշաբթի, 26 օգոստոսին, ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ: