Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ, որ «Լիկ-1»-ի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Թուլուզի դէմ կատարուած մրցումին (3-1` ի նպաստ Սեն Ժերմենի) վիրաւորուեցաւ, երեքէն չորս շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ֆրանսական մամուլը:
Մպափէ փոխարինուեցաւ 66-րդ վայրկեանին:
Բացի անկէ, նոյն այդ մրցումին վնասուածք ստացած Էտինսոն Քաւանի իր կարգին փոխարինուած էր 14-րդ վայրկեանին:



