Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն` Լիլ յայտնեց, որ իր կազմին միացուց Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Ռենաթօ Սանչեսը:
22 տարեկան փորթուգալցին 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական ակումբին հետ:
Ֆրանսական «Լ՛էքիփ» թերթը հաղորդեց, որ անոր այս փոխանցումէն Գերմանիոյ ախոյեանը պիտի ստանայ 20 միլիոն եւրօ:



