Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի գերմրցաշարքի 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ռուս Եան Նեփոմնիաչիի դէմ, կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը:
54-րդ շարժումին Արոնեան ընդունեց իր պարտութիւնը: Ան այժմ 3 կէտով կը գրաւէ վերջին դիրքը:
Արոնեան իր առաջին պարտութիւնը կրած էր ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն:
9-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն: