Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Արարատ Արմենիա, որ հիւրը եղաւ Երեւանի, երկրորդ կազմով մը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Աւանի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 10-րդ եւ 29-րդ վայրկեաններուն: Հիւրընկալ կազմը իր միակ կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին:
Այսպիսով, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը յառաջատարին նման ապահովեց 9 կէտ, մինչ Երեւան, որ այժմ ոչ մէկ կէտ կրցած է ապահովել, կը գրաւէ 10-րդ եւ վերջին դիրքը:



