Նորվեկիական Եունքորան ակումբը, որ հանդէս կու գայ Գ. դասակարգին մէջ, յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Լիոնել Մեսսի անունը կրող նորելուկ ֆութպոլիստ մը:
16 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս ունեցած է Տանիել Արէ Քնութսըն անունը, բայց ան ապագային իր անունը փոխած է Լիոնել Մեսսիի` տպաւորուած ըլլալով միջազգային նշանաւոր ֆութպոլիստին խաղարկութենէն:
Ակումբի թեքնիք տնօրէն Ռունար Պօ Էրիքսըն յայտնեց, որ ան շուտով պիտի դառնայ խումբին հիմնական կազմին մարզիկներէն մէկը:



