Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուելիք թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեցին, որ իրաւարար Քարլոս Ռամոս Սերենա եւ Վինըս Ուիլիըմզ քոյրերուն կատարելիք մրցումներուն ընթացքին նկատի պիտի չառնուի իբրեւ իրաւարար:
Մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար Զորեն Ֆրիմել այս գծով յայտարարեց. «Այս մրցաշարքին համար մենք ընտրեցինք լաւագոյն իրաւարարները: Իրաւարար Ռամոսի գծով մենք գտնուեցանք շատ նրբանկատ: Ան շատ լաւ իրաւարար է: Բայց եւ այնպէս, որպէսզի որեւէ հարց դարձեալ չծագի, Ուիլիըմզ քոյրերու մրցումներուն նկատի պիտի չառնենք զայն»:
Նախորդ տարի, նոյն այս մրցաշարքին գծով ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ մարզիչներուն հետ խօսելուն համար կէտի տուգանք ստացաւ, իսկ իրաւարարին հետ վիճելուն համար մրցումով մը պարտուեցաւ:



