Մարզական

«Քալչիօ». Ախոյեանը Սկսաւ Յաղթանակով

Փարմա-Եուվենթուս բացման մրցումով շաբաթ, 24 օգոստոսին, սկսաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2019-2020 տարեշրջանը: Ախոյեան Եուվենթուս նոր տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, երբ նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը: Ճիորճիօ Քիելլինի նշանակեց Եուվէի եւ մրցումին միակ կոլը (21-րդ):  

Փինկ Փոնկ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 3 Արծաթ Եւ 5 Պրոնզ Մետալներու

Ամմանի մէջ (Յորդանան) իր աւարտին հասաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցեցաւ Լիբանան: Մասնակիցներու կարգին են Սուրիա, Յորդանան, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Օման եւ վստահաբար, հիւրընկալ երկիրը` Յորդանան: Լիբանանցի մարզիկները թէեւ ոսկի մետալի չկրցան տիրանալ, սակայն իրենց ձեռք ձգած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալներու: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի փինկի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Լիվըրփուլ-Արսենալ - Փարմա-Եուվենթուս Բացման Մրցումով Կը Սկսի Քալչիոն Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Բաւական մրցակցային պիտի ըլլայ այսօր Լիվըրփուլի եւ Արսենալի ճակատումը: Նշենք, որ անոնք Անգլիոյ մէջ միակ երկու խումբերն են, որոնք արձանագրած են երկուքական յաղթանակ: Այսօր Փարմա-Եուվենթուս բացման մրցումով կը սկսի նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Քալչիօ) 2019-2020 տարեշրջանը: Պարսելոնա,...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Լիբանան` 5-0

Երէկ` Հայաստանի ֆութպոլի Աւանի ակադեմիային մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը, երկրորդ անգամն ըլլալով մրցեցան իրարու դէմ, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական  մրցումի մը ընթացքին: Նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի կազմը, որ երկու օր առաջ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին աւելի մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց 5-0 արդիւնքով: Ժիրայր Շաղոյեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին...

26 Օգոստոսին. «Ար. Էս.» Ռելի Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Մասնակցող Իր Խումբը

Յառաջիկայ շաբաթավերջին, երեք օրերու ընթացքին (30, 31 օգոստոս եւ 1 սեպտեմբեր) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելի-ն` Միջին Արեւելքին ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Բնականաբար այս ռելիին մասնակցողները բաւական լաւ թիւ մը կը ներկայացնեն: Անոնցմէ ոմանք գրեթէ անհատական հանգամանքով կը մասնակցին, մինչ ուրիշներ մաս կը կազմեն յատուկ խումբերու: Այդ խումբերէն մէկը` «Ար.Էս.» Ռելի խումբը, որ ունի չորս ինքնաշարժ, երկուշաբթի, 26...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Աւարտեց Մարզիչներու Ասիական Դասընթացքը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Աւարտեց Մարզիչներու Ասիական Դասընթացքը

Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ամբողջացուց մարզիչներու ասիական դասընթացքը, Անսար-Նապաթիէ քաղաքին մէջ: Անիկա եղաւ Գ. դասակարգի դասընթացք մը: Բոլոր մասնակցողներն ալ ստացան յատուկ վկայագիրները: Գիտելիքներու փոխանցման տեսական դասընթացքները տեղի ունեցան Շապապ Ֆինիք սրահին մէջ, մինչ գործնական բաժնի փոխանցումները տրուեցան Անսարի դաշտին վրայ: Լուսանկարները տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը, Այս Անգամ` Սուրիոյ Դէմ

Օրթոտոքսիի դաշտին վրայ (Ամման, Յորդանան) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը իր երկրորդ մրցումին 14 կէտի տարբերութեամբ` 74-60 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց Սուրիոյ դէմ: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 88-75 արդիւնքով յաղթեց Իրանին: Երէկուան այս մրցումին Լիբանանէն Լամա Մըքատտեմ նշանակեց 13 կէտ: Լիբանանի կազմին մէջ են երեք հայեր` Մեղրի Թորոսեան, Նարին...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա Ուիլիըմս-Մարիա Շարափովա Ա. Հանգրուանի Տաք Ճակատում

27 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր տեղի պիտի ունենայ թենիս «Եու.էս.օփըն»-ի կրան շլեմի բաց մրցաշարքը: Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի կատարուի աղջկանց բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմ եւ ամերիկաբնակ ռուս Մարիա Շարափովա: Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան ընթացքին Սերենա ստացաւ 8-րդ դիրքը, մինչ Շարափովա միջազգային դասաւորման մէջ կը գտնուի` 87-րդ...

Նաւաս Շատ Հաւանաբար Միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Սպանական Մարքա մարզական օրաթերթին համաձայն, Քոսթա Ռիքայի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, կրնայ հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն եւ շատ հաւանական է, որ միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի: Նախորդ տարեշրջանի աւարտին ֆրանսական ակումբը անոր փոխանցման վերաբերեալ համաձայնութեան հասած էր, բայց այդ մէկը չիրականացաւ, որովհետեւ արքայական ակումբը իր 32  տարեկան փորձառու բերդապահին համար պահանջեց 20 միլիոն եւրօ: Այժմ սակայն, իրավիճակը փոխուած է, որովհետեւ Նաւաս սպանական ակումբէն...

Թորես Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Վերջին Մրցումը Կատարեց

Ֆերնանտօ Թորես (աջին) եւ Անտրես Ինիեսթա Ճափոնական Սական Թոսուի յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես երէկ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան իր վերջին մրցումին ճակատեցաւ Վիսել Քոպէի դէմ, որ յաղթեց 6-1 արդիւնքով: Սպանացի յառաջապահին այս վերջին մրցումը եղաւ նշանակալի, որովհետեւ մրցեցաւ ազգային խումբին իր նախկին խմբակիցներուն` Տաւիտ Վիյայի եւ Անտրես Ինիեսթայի դէմ: Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան անցեալին մաս...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Գծով

Լուսանկարը Տրամադրեց` «ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ.» - ՌԷՅՍԻՆԿ Երէկ յետմիջօրէին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին վերաբերող, որ տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, հովանաւորող ընկերութիւններ եւ մարզական լրագրողներ: Մամլոյ ասուլիսին յայտարարուեցաւ, որ այս 42-րդ ռելին...

28 Օգոստոսին. Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը

6-8 սեպտեմբերին, Պէյրութի միջազգային թեքուանտոյի 2019-ի ախոյեանութեան Լիբանանի մէջ կայացման առիթով, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին «Լը Ռըուայալ» պանդոկի (Տըպպայէ) Ազիւրէա սրահին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիւս մը` ժամը 19:30-ին: Նշենք, որ Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը` դարձեալ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Աունի: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք...

Պետմինթըն. Լիբանան Կը Մասնակցի Արաբական Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւններուն

Երէկ` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, Լիբանանի պետմինթընի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը մեկնեցան Ամման` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական եւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւններուն: Արաբական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24-26 օգոստոսին, իսկ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւնը` 27-29 օգոստոսին: Լիբանան կը մասնակցի տղոց եւ աղջկանց 15 եւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւններուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնի անդամ Սամիր Քոնսթանթին:  

Եւրօ-2020. Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 13 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց հրապարակեց արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 13 ֆութպոլիստներու անունները, որոնք Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք յառաջիկայ մրցումներուն նախապատրաստական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր ստացան: 5 եւ 8 սեպտեմբերին Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Իտալիոյ եւ Պոսնիոյ դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող ֆութպոլիստներուն անունները եւ վերջնական ցանկը պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Ստորեւ` այդ 13 ֆութպոլիստները. Արսէն...

19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստան – Լիբանան` 2-0

Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի ղեկավարութեամբ, իր առաջին մրցումին յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մրցումին, հայ ֆութպոլիստները, որոնք մրցեցան լիբանանցի իրենց հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեցին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Նարեկ Աղասարեան (67-րդ` փենալթիներով) եւ Ժիրայր Շաղոյեան (69-րդ): Երկու կազմերը այսօր` ուրբաթ, 23 օգոստոսին, դարձեալ...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը Հնգօրեայ Հաւաք Մը Կը Կատարէ

  Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը 25-29 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հնգօրեայ մարզական հաւաք մը կը կատարէ: Հաւաքին վերջին օրը` 29 օգոստոսին, հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ 2005-ի ծնունդ պատանիներու «Ակադեմիա-05» խումբին դէմ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Լիանա Հայրապետեան:  

«Սինքուեֆիլտ Քափ». Լեւոն Արոնեան` Ցարդ Առանց Յաղթանակի

Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի գերմրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի: Առաջին երեք հանգրուանի մրցումներէն Արոնեան երեք հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք, 4-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն` 53-րդ շարժումին: Իսկ 5-րդ հանգրուանին Արոնեան, որ ճակատեցաւ (ճերմակ քարերով) ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովի հետ, արձանագրեց իր չորրորդ...

«Եւրոպայի Լիկա».  Արարատ Արմենիա 94-րդ Վայրկեանին Արձանագրեց 2-1 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

«Եւրոպայի Լիկա». Արարատ Արմենիա 94-րդ Վայրկեանին Արձանագրեց 2-1 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

Երէկ` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի փլէյ-օֆի Դ. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Իր կարգին, մրցում կատարեց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկի ախոյեան եւ բաժակակիր Տիւտելանժը: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով: 22-րդ վայրկեանին հոլանտացի յառաջապահ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Ախոյեանութեան 4 Մրցումներ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կը սկսին այսօր` ուրբաթ, 23 օգոստոսին, երբ կը կատարուին շարք մը ճակատումներ: Անգլիոյ 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ժամը 22:00-ին (բոլոր ժամերն ալ պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ասթոն Վիլա կը հիւրընկալէ Էվըրթընը: Ասթոն Վիլա ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, մինչ Էվըրթըն ունի 4 կէտ: Սպանիոյ 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Կրանատա կը հիւրընկալէ...

«Էնֆիլտ»-ի Մարզադաշտը Պիտի Վերանորոգուի

Լիվըրփուլ կ՛ուզէ իր մարզադաշտին` «Էնֆիլտ»-ի թրիպիւնները ընդլայնել, որպէսզի անիկա կարելիութիւնը ունենայ հիւրընկալելու 60 հազար հանդիսատես: Լիվըրփուլի գործադիր տնօրէն Էնտի Հիուզ ըսաւ, թէ «մարզադաշտին վերանորոգման աշխատանքներուն գծով մենք պէտք եղած դասաւորումներուն վերաբերեալ յարմարութիւնները սերտեցինք պատասխանատուներուն հետ եւ սկսելիք աշխատանքներուն մասին բոլորը տեղեակ կը պահենք մօտիկ ապագային: Մարզադաշտը այժմ կրնայ հիւրընկալել 54.074 հանդիսատես:

Page 664 of 1279 1 … 663 664 665 … 1,279

Արխիւներ