Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ սկսաւ Ղազախստանի նախագահի բաժակի 12-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Բացման մրցումին իրարու դէմ մրցեցան, Ղազախստանի եւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականները:
Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ միջնապահ Եուրի Գոլոզեան, որ պարգեւատրուեցաւ «Վոլսքվակըն» ընկերութեան տրամադրած յատուկ մրցանակով:
Հայրենի կազմին երկու կոլերը նշանակեցին Արթուր Սերոբեան եւ նոյնինքն Եուրի Գոլոզեան: