Մարզական

Մանչեսթըր Սիթի Պատրաստ Է 120 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Սանչոյի Համար

Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, պատրաստ է 120 միլիոն եւրօ վճարելու Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Տորթմունտի 19 տարեկան միջնապահ Ճէյտոն Սանչոյի համար, կը յայտնէ «Տը Սան»-ը: 2015-2017 տարիներուն, Սիթիի հետ ելոյթ ունենալէ ետք, ան փոխան 7,84 միլիոն եւրոյի տեղափոխուած էր Տորթմունտ: Ան այս տարեշրջանին գերմանական ակումբին հետ 22 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ:...

Անչելոթթի Եւ Իպրահիմովիչ` Դէպի Էվըրթը՞Ն

Ըստ «Ֆութպոլ Իտալիա» մարզաթերթին, Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ շատ հաւանաբար վերադառնայ «Փրեմիեր լիկ» եւ մաս կազմէ Էվըրթընին: Ինչպէս ծանօթ է, ան անցեալին ելոյթ ունեցած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Նշուեցաւ, որ լիվըրփուլեան ակումբը` Էվըրթըն, խումբի մարզիչ պիտի նշանակէ իտալացի Քարլօ Անչելոթթին: Եթէ այս երկու փոխանցումները կատարուին, անոնք երկուքն ալ դարձեալ պիտի ըլլան իրարու հետ: Անցեալին անոնք միասին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Հինգ Ակումբներ Հանդիպում Մը Ունեցան Իրարու Հետ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող 5 ակումբներ` Պըրժ, Անսար, Նըժմէ, Ահտ եւ Շապապ Սահել, երէկ Պըրժի ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցան իրարու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան ֆութպոլի մարզը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ներկայ եղան ակումբներու նախագահներ Ասաատ Սաքալ (Նըժմէ), Թամիմ Սլէյման (Ահտ), Սամիր Տպուք (Շապապ Սահել), նաեւ ընդհանուր քարտուղարներ Ապպաս Հասան (Անսար) եւ Ռամեզ Օմար (Պըրժ): Ներկայ եղան...

Դահուկարշաւ. Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերին` Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ, Ճիւնիի մայրուղի, «Ֆայեատ» շէնք, տեղի պիտի ունենայ անոր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ 2019-2020 տարեշրջանի յայտագիրը: Նշուեցաւ, որ եթէ ժողովը օրինական չըլլայ, ճիշդ շաբաթ մը ետք պիտի կատարուի երկրորդ համագումարը:

Նշանառութիւն. Ֆետերասիոնին Նախագահը Մասնակցեցաւ Միջազգային Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարին

Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ իր մասնակցութիւնը բերաւ միջազգային նշանառութեան ֆետերասիոնին տարեկան երկօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամ 160 երկիրներէն 147-ը: Ժողովականները քննարկեցին իրենց օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ մօտիկ ապագային այլ համագումար մը եւս գումարել Ճափոնի մէջ, որ պիտի ըլլայ 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալողը:

«Լա Լիկա». Այսօր` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Ճակատումը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանէն յետաձգուած «Քլասիքօ»-ն, այսօր իրարու դէմ կը հանէ երկրին ամէնէն շատ համակիրներ ունեցող եւ ամէնէն զօրաւոր կազմերէն երկուքը` Պարսելոնան եւ Ռէալ Մատրիտը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, երկու խումբերն ալ իջեւանեցին նոյն` «Փրենսեսա...

Արթուր Աբրահամ Այցելեց Իր Մարզիչին

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ այցելեց հիւանդանոց` հոն բուժում ստացող իր մարզիչին` Ուլի Վեկների առողջական վիճակին հետեւելու համար: Իր այցելութեան ընթացքին Աբրահամ ըսաւ իր մարզիչին. «Բարի ապաքինում, աշխարհի լաւագոյն մարզիչ: Կը սպասեմ քու վերադարձիդ»:  

«Պունտըսլիկա». Պորուսիա Տորթմունտ – Լայփցիկ` 3-3

Երէկ գիշեր տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 16-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանին գծով չորս ճակատումներ: Մնացեալ հինգ մրցումները կը կատարուին այսօր: Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրընկալեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկը, արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, հակառակ անոր որ անիկա Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէր իր հիւրին: Մրցումին ներկայ էր 80 հազար հանդիսատես: Լայփցիկ այժմ ունի 34 կէտ եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» Ճիաննիս Նշանակեց 48 Կէտ, Բայց Պաքս Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ 133-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ: Պրետլի Պիլ (Ուիզըրտծ) նշանակեց 35 կէտ, մինչ Տերիք Ռոզ (Փիսթընզ)` 22 կէտ: Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ Հակառակ անոր որ Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 48 կէտ, սակայն անոր կազմը` Միլուոքի Պաքս, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն`...

Պայմանաւորուած Մրցումներու Պատճառով. Ազրպէյճանի Մէջ 25 Ֆութպոլիստներ Որակազրկուեցան

Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկրին 6 ակումբներէն 25 ֆութպոլիստներ զրկեց ֆութպոլի հետ կապուած որեւէ գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն` պայմանաւորուած մրցումներուն հետ կապ ունենալու պատճառով, յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Անիկա այս որոշումը տուաւ Ա. դասակարգի եւ այլ լիկաներու ընթացքին խումբերուն կատարած շարք մը մրցումներու շուրջ իր բացած քննութիւններէն ետք: Որակազրկուած 25 ֆութպոլիստներէն 17-ը մաս կը կազմեն Աքսու ակումբին: Կախակայուեցան նաեւ անոր թեքնիք տնօրէնն...

Նորեկ Մարզիկներու Համար Չելսի Կը Պատրաստուի Ծախսելու 180 Միլիոն Եւրօ

Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումներուն ընթացքին, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է իր կազմը զօրացնելու նպատակով եւ նորեկ մարզիկներ ձեռք ձգելու համար ծախսելու 180 միլիոն եւրօ: Նշուեցաւ, որ անգլիացի Ֆրանք Լամփարի գլխաւորած խումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է շարք մը ֆութպոլիստներով, որոնք մաս կը կազմեն Լայփցիկի, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Լիոնի: «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանէն ետք, Չելսի...

Պայէրն Միւնիխ Կը Բանակցի Թոմաս Թուխելի Հետ

«Պիլտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ նախքան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն սկսիլը լուծել ակումբի գլխաւոր մարզիչի նշանակման հարցը: Նշուեցաւ, որ ակումբը բանակցութիւններու սկսած է Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչին` Թոմաս Թուխելի հետ, որ սակայն մտադիր չէ հեռանալ ֆրանսական ակումբէն: Նիքօ Քովաչի պաշտօնազրկումէն ետք Պայէրն թէեւ բանակցութիւններ կատարեց Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկերի հետ, սակայն...

Վիրճիլ Վան Տիյք` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Լիվըրփուլի հոլանտացի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք ճանչցուեցաւ Անգլիոյ 2019-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը Անգլիոյ ֆութպոլի համակիրներուն միութեան կողմէ, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: 28 տարեկան ֆութպոլիստը տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին իր ետին ձգեց շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Ռահիմ Սթերլինկ (Մանչեսթըր Սիթի), Ճէյմի Վարտի (Լայսթըր Սիթի) եւ ուրիշներ: Ան իբրեւ Անգլիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ նաեւ արհեստավարժ...

Շալքէի Բերդապահը 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

«Պունտըսլիկա»-ի 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Շալքէ - Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ մրցումին (1-0), հիւրընկալ կազմի բերդապահ Ալեքսանտր Նիւպել 68-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարար Ֆելիքս Զուայերէն ստացաւ արդար կարմիր քարտ մը իր բաւական բիրտ կեցուածքին պատճառով` Միյատ Կասինեւիչի դէմ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Նիւպել չորս մրցումով կախակայուեցաւ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռասինկ Ցարդ Իր Մօտ Կը Պահէ Իր Օտարականները

Հակառակ անոր որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն վերսկսման գծով կը տիրէ անորոշութիւն, եւ ցարդ յստակ չէ, թէ անիկա պիտի շարունակուի միայն լիբանանցիներո՞վ, թէ՞ նաեւ օտարականներով, Բ. դասակարգին մաս կազմող Ռասինկ, իր տոմարներուն վրայ ստորագրած օտար մարզիկները ցարդ կը պահէ իր մօտ: Ա. դասակարգին մաս կազմող խումբերուն մէկ մասը իր օտարականներուն պայմանագրութիւնները չեղեալ նկատեց, իսկ միւս մասը զանոնք արձակուրդի ղրկեց: Ռասինկ...

Մինի – Ֆութպոլ. «Ֆըրսթ Նեշընըլ» Դրամատուներու Խումբը` Ընկերութիւններու Եւ Դրամատուներու Մրցաշարքին Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան երկու ամսուան տեւողութեան վրայ երկարած ընկերութիւններու եւ դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` «Սփորթց Էվընիու»-ի մարզադաշտին վրայ (Հազմիէ): «Ֆըրսթ նեշընըլ» դրամատունը դարձաւ տիտղոսակիր, մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Լուպնան ուալ Մահժար» դրամատան: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 խումբեր: Այսպիսով, տիտղոսակիր խումբը յառաջիկայ տարի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաթարի...

Աղջկանց Ֆութպոլ. Լիբանանի 15 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը` Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեան

Երէկ գիշեր, Յորդանանի մէջ իր աւարտին հասաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի 15 տարեկանէն վար աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ: Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քրիսթի Մաալուֆ նշանակեց 5 կոլ, Լամա Ապտին` 2 կոլ, իսկ Ժինա Քարժիէ` վերջին կոլը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Համբիկ Միսաքեան:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Ընդհանրապէս լիբանանեան մարզաշխարհին նման սառած վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ լիբանանեան ֆութպոլը: Հակառակ ասոր սակայն, Նըժմէ երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն` ֆութպոլիստներուն տասը օրուան արձակուրդը աւարտած ըլլալուն համար: Խումբը իր փորձերուն սկսաւ` գլխաւորութեամբ օգնական մարզիչ Պիլալ Ֆլէյֆելի, նկատի ունենալով, որ եգիպտացի մարզիչ Մոհամետ Ապտել Ազիմ իր ընտանիքին հետ ցարդ չէ վերադարձած Գերմանիոյ մէջ անցուցած իր արձակուրդէն: Խումբին օտարականները` թունուզցի Մրատ Հըզլի...

Լողարշաւ. Նաժահ Ակումբը Տիրացաւ 17 Մետալի` Տուպայի Մէջ

Լիբանանեան Նաժահ - Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած «Հեմիլթըն»-ի լողարշաւի միջազգային ախոյեանութեան, տիրացաւ 17 գունաւոր մետալներու, որոնցմէ 8-ն` ոսկի: Ահմետ Սաֆիա տիրացաւ 5 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի, իսկ Լանա Հիժազի` 3 ոսկի, 4 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալի: Վերոնշեալներէն բացի, Նաժահ ակումբին մաս կազմող մարզիկները լիբանանեան չորս մրցանիշներ հաստատեցին:

Մեծաթիւ Մասնակցողներու Մասնակցութեամբ. Պեք-Կամընի 2019-ի Ախոյեանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

PROFOTO Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Լիբանանի Պեք-Կամընի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Պեք- Կամընի 2019-ի ախոյեանութիւնը, մեծաթիւ մասնակցողներու մասնակցութեամբ` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ: Շաբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին սկսած այս ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին կիրարկուեցան միջազգային Պեք-Կամընի ֆետերասիոնին օրէնքները, տեւեց մինչեւ կէս գիշերէն ուշ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Պեք-Կամընի ֆետերասիոնի նախագահ Էմիլ Շաղուրիի եւ այլ անդամներու: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Շաղուրի շնորհակալութիւն յայտնեց...

Page 651 of 1279 1 … 650 651 652 … 1,279

Արխիւներ