Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումներուն ընթացքին, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է իր կազմը զօրացնելու նպատակով եւ նորեկ մարզիկներ ձեռք ձգելու համար ծախսելու 180 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, որ անգլիացի Ֆրանք Լամփարի գլխաւորած խումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է շարք մը ֆութպոլիստներով, որոնք մաս կը կազմեն Լայփցիկի, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Լիոնի:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանէն ետք, Չելսի 29 կէտով կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը: