«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ 133-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ:
Պրետլի Պիլ (Ուիզըրտծ) նշանակեց 35 կէտ, մինչ Տերիք Ռոզ (Փիսթընզ)` 22 կէտ:

Հակառակ անոր որ Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 48 կէտ, սակայն անոր կազմը` Միլուոքի Պաքս, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Տալաս Մավըրիքսէն, 120-116 արդիւնքով:
Անոր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ ամէնէն քիչ պարտութիւնը (3) կրած է Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ այսօր հիւրը կ՛ըլլայ Ինտիանա Փէյսըրզին:
Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, արձանագրեց 109-107 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ռոքեթցէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Շարլոթ Հոռնեթց (12-17) – Սաքրամենթօ Քինկզ (12-14)
Ինտիանա Փէյսըրզ (18-9) – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (24-3)
Նիւ Եորք Նիքս (6-21) – Աթլանթա Հոքս (6-21)
Նիւ Օրլինզ (6-21) – Պրուքլին Նեթց (14-12)
Եութա Ճեզ (15-11) – Օրլանտօ Մեճիք (12-14)
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (20-8) – Ֆէոնիքս Սանզ (11-15)