
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, Լիբանանի Պեք-Կամընի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Պեք- Կամընի 2019-ի ախոյեանութիւնը, մեծաթիւ մասնակցողներու մասնակցութեամբ` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ:
Շաբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին սկսած այս ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին կիրարկուեցան միջազգային Պեք-Կամընի ֆետերասիոնին օրէնքները, տեւեց մինչեւ կէս գիշերէն ուշ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Պեք-Կամընի ֆետերասիոնի նախագահ Էմիլ Շաղուրիի եւ այլ անդամներու:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Շաղուրի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ հովանաւոր ընկերութիւններուն:


