«Պիլտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ նախքան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն սկսիլը լուծել ակումբի գլխաւոր մարզիչի նշանակման հարցը:
Նշուեցաւ, որ ակումբը բանակցութիւններու սկսած է Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչին` Թոմաս Թուխելի հետ, որ սակայն մտադիր չէ հեռանալ ֆրանսական ակումբէն:
Նիքօ Քովաչի պաշտօնազրկումէն ետք Պայէրն թէեւ բանակցութիւններ կատարեց Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկերի հետ, սակայն այդ բանակցութիւնները դրական արդիւնք չտուին: