Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, պատրաստ է 120 միլիոն եւրօ վճարելու Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Տորթմունտի 19 տարեկան միջնապահ Ճէյտոն Սանչոյի համար, կը յայտնէ «Տը Սան»-ը:
2015-2017 տարիներուն, Սիթիի հետ ելոյթ ունենալէ ետք, ան փոխան 7,84 միլիոն եւրոյի տեղափոխուած էր Տորթմունտ:
Ան այս տարեշրջանին գերմանական ակումբին հետ 22 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Չելսի, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: