Երէկ գիշեր, Յորդանանի մէջ իր աւարտին հասաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի 15 տարեկանէն վար աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ:
Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելէ ետք 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քրիսթի Մաալուֆ նշանակեց 5 կոլ, Լամա Ապտին` 2 կոլ, իսկ Ժինա Քարժիէ` վերջին կոլը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Համբիկ Միսաքեան:



