Ընդհանրապէս լիբանանեան մարզաշխարհին նման սառած վիճակի մէջ կը գտնուի նաեւ լիբանանեան ֆութպոլը:
Հակառակ ասոր սակայն, Նըժմէ երէկ վերսկսաւ իր փորձերուն` ֆութպոլիստներուն տասը օրուան արձակուրդը աւարտած ըլլալուն համար:
Խումբը իր փորձերուն սկսաւ` գլխաւորութեամբ օգնական մարզիչ Պիլալ Ֆլէյֆելի, նկատի ունենալով, որ եգիպտացի մարզիչ Մոհամետ Ապտել Ազիմ իր ընտանիքին հետ ցարդ չէ վերադարձած Գերմանիոյ մէջ անցուցած իր արձակուրդէն:
Խումբին օտարականները` թունուզցի Մրատ Հըզլի եւ ղանացի Ապտուլի Իսաքա նոյնպէս կը գտնուին արձակուրդի մէջ, մինչեւ որ յայտարարութիւն մը կատարուի Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերսկսման վերաբերեալ: