Պասքեթպոլ. Ալի Հայտար Պիտի Միանայ Յորդանանեան Ուահատաթին
Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, Ալի Հայտար նախքան այս շաբաթավերջը պիտի միանայ յորդանանեան Ուահատաթին: Վերջերս ան փոխ տրուած էր լիպիական Նասըրին եւ անոր հետ մասնակցած ափրիկեան ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Նշուեցաւ նաեւ, որ երբ Յորդանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը աւարտի, ան պիտի վերադառնայ իր ակումբը` Շանվիլ:



