Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ, Ճիւնիի մայրուղի, «Ֆայեատ» շէնք, տեղի պիտի ունենայ անոր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ 2019-2020 տարեշրջանի յայտագիրը:
Նշուեցաւ, որ եթէ ժողովը օրինական չըլլայ, ճիշդ շաբաթ մը ետք պիտի կատարուի երկրորդ համագումարը: