«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Լիվըրփուլի հոլանտացի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք ճանչցուեցաւ Անգլիոյ 2019-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը Անգլիոյ ֆութպոլի համակիրներուն միութեան կողմէ, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
28 տարեկան ֆութպոլիստը տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին իր ետին ձգեց շարք մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Ռահիմ Սթերլինկ (Մանչեսթըր Սիթի), Ճէյմի Վարտի (Լայսթըր Սիթի) եւ ուրիշներ:
Ան իբրեւ Անգլիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ նաեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան եւ «Փրեմիեր լիկ»-ին կողմէ, ինչպէս նաեւ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ: