«Պունտըսլիկա»-ի 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Շալքէ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ մրցումին (1-0), հիւրընկալ կազմի բերդապահ Ալեքսանտր Նիւպել 68-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարար Ֆելիքս Զուայերէն ստացաւ արդար կարմիր քարտ մը իր բաւական բիրտ կեցուածքին պատճառով` Միյատ Կասինեւիչի դէմ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Նիւպել չորս մրցումով կախակայուեցաւ: