Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկրին 6 ակումբներէն 25 ֆութպոլիստներ զրկեց ֆութպոլի հետ կապուած որեւէ գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն` պայմանաւորուած մրցումներուն հետ կապ ունենալու պատճառով, յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Անիկա այս որոշումը տուաւ Ա. դասակարգի եւ այլ լիկաներու ընթացքին խումբերուն կատարած շարք մը մրցումներու շուրջ իր բացած քննութիւններէն ետք:
Որակազրկուած 25 ֆութպոլիստներէն 17-ը մաս կը կազմեն Աքսու ակումբին: Կախակայուեցան նաեւ անոր թեքնիք տնօրէնն ու այլ աշխատակիցներ: