Ըստ «Ֆութպոլ Իտալիա» մարզաթերթին, Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ շատ հաւանաբար վերադառնայ «Փրեմիեր լիկ» եւ մաս կազմէ Էվըրթընին:
Ինչպէս ծանօթ է, ան անցեալին ելոյթ ունեցած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Նշուեցաւ, որ լիվըրփուլեան ակումբը` Էվըրթըն, խումբի մարզիչ պիտի նշանակէ իտալացի Քարլօ Անչելոթթին:
Եթէ այս երկու փոխանցումները կատարուին, անոնք երկուքն ալ դարձեալ պիտի ըլլան իրարու հետ: Անցեալին անոնք միասին եղած են Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ:
Նշենք, որ Իպրահիմովիչի պայմանագրութիւնը` Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ («Մէյճըր լիկ», Միացեալ Նահանգներ) կ՛աւարտի 30 դեկտեմբեր 2019-ին: