«Լա Լիկա». Այսօր` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Ճակատումը
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանէն յետաձգուած «Քլասիքօ»-ն, այսօր իրարու դէմ կը հանէ երկրին ամէնէն շատ համակիրներ ունեցող եւ ամէնէն զօրաւոր կազմերէն երկուքը` Պարսելոնան եւ Ռէալ Մատրիտը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, երկու խումբերն ալ իջեւանեցին նոյն` «Փրենսեսա Սոֆիա» պանդոկին մէջ, որ կը գտնուի «Քամփ Նու»-էն 600 մեթր հեռու:
Երկու կազմերը պանդոկէն մարզադաշտ պիտի մեկնին սովորական փոխադրակառքերով, որոնց վրայ պիտի չըլլան անոնց ակումբներուն անուններն ու տարբերանշանները:
Յայտնենք, որ երկու խումբերն ալ այժմ ունին 35-ական կէտ, բայց Պարսելոնա` աւելի լաւ կոլ-էվըրէյճ մը: