Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 15 Եւ 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն 2 Ախոյեան, 10 Փոխախոյեան Եւ 2 Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկանէն վար երկսեռներու ազգային հաւաքականները բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, տիրացան երկու ախոյեանութեան տիտղոսի, տասը` փոխախոյեանի, իսկ երկու պրոնզէ մետալներու: Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 23 երկսեռ մարզիկներով, յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Իտալիա. Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց Ա. Էս. Ռոմայի Երրորդ Կոլը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց ՍՓԱԼ-ը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ 79-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը` 83-րդ վայրկեանին: Ա. Էս. Ռոմայի 2 կոլերը նշանակուեցան 53-րդ եւ 66-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ուտինեզէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին մէջ (3-1)...

ՄԱԿ-ը 20 Յուլիսը Հռչակեց Ճատրակի Միջազգային Օր

ՄԱԿ-ի որոշումով այսուհետեւ 20 յուլիսը պիտի ըլլայ Ճատրակի միջազգային օր: Ճատրակի միջազգային օրը, որ առաջարկուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հռչակուեցաւ միաձայնութեամբ: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ճատրակը լայն ճանաչում ստացաւ նախկին Խրոհրդային Միութեան տարիներուն, մանաւանդ երբ Տիգրան Պետրոսեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը կը նկատուի աշխարհի ճատրակի ամէնէն զօրաւոր երկիրներէն մէկը: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք, տղոց...

Ռիպերիի Վիրաբուժութիւնը Յաջող Անցաւ

Ֆիորենթինայի ֆրանսացի ֆութպոլիստ Ֆրանք  Ռիպերիի վիրաբուժութիւնը, որ կատարուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, շատ յաջող անցաւ, յայտնեց անոր ակումբը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրմով հետաքրքրուած բոլորին` յոյս յայտնելով, որ այդ վիրաբուժութենէն ետք աւելի զօրաւոր ձեւով դաշտ պիտի ներկայանայ եւ մրցումներու մասնակցի:  

«Էն. Պի. Էյ.».  Միլուոքի Պաքս Արձանագրեց Երկու Յաղթանակ. Ռոքեթց Յաղթեց Եւ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.». Միլուոքի Պաքս Արձանագրեց Երկու Յաղթանակ. Ռոքեթց Յաղթեց Եւ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան 17 ճակատումներ` երկու օրերու ընթացքին: Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մեմֆիս Կրիզլիզը (127-114) եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզը (125-108): Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ առաջին մրցումին նշանակեց 37 կէտ, մինչ երկրորդին` 29 կէտ: Այսպիսով, ցարդ միայն երեք պարտութիւն կրած Պաքս արձանագրած է 24 յաղթանակ:...

Անգլիա. Ցարդ Անպարտելի Լիվըրփուլ 10 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ուաթֆորտը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց եգիպտացի Մոհամետ Սալահ (38-րդ եւ 90-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ այժմ տասը կէտի առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակիցին` Լայսթըր Սիթիի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով...

Սպանիա. Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Հաւասարութիւններ Արձնագրեցին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրի գործող ախոյեան Պարսելոնան արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ հաւասարութիւնը, երբ Ռէալ Սոսիետատի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Անթուան Կրիզման (38-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (49-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը: Առաջին կոլին էսիսթը կատարեց Սուարեզ, իսկ երկրորդինը` Լիոնել Մեսսի: Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Պարսելոնա մնաց առաջին` նկատի ունենալով, որ շաբթուան...

Պիւֆոն Կրկնեց Տել Փիերոյի Մրցանիշը

Եուվենթուսին մաս կազմող իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն կրկնեց ակումբի նախկին իտալացի յառաջապահ Ալեքսանտրօ Տել Փիերոյի հաստատած մրցանիշը` Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Եուվենթուսի հետ իր կատարած մրցումներուն քանակով: Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած մրցումը նախորդ շաբաթավերջին 41 տարեկան Պիւֆոնի համար եղաւ 478-րդը: Ան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարած է 646 մրցում: Մրցանիշը կը պատկանի Ա. Սէ. Միլանի նախկին խաղացող Փաուլօ Մալտինիին (647 մրցում):...

Լեվանտովսքի Հաւասարեցաւ Եուփ Հայնքեսի Հաստատած Մրցանիշին

Լեհ ֆութպոլիստ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, որ նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի հետ նշանակեց 2 կոլ, յաջողեցաւ հաւասարիլ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի նախկին յառաջապահ Եուփ Հայնքեսի  հաստատած մրցանիշին, որ անցեալին նշանակած էր 220 կոլ: 31 տարեկան Լեվանտովսքի, որ անոր նման նշանակեց նոյնքան կոլ, այժմ «Պունտըսլիկա»-ի կոլսքորըրներու դասաւորման մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Կերթ Միւլըր (365 կոլ), իսկ երկրորդ դիրքը`...

Գերմանիա. Լայփցիկ Պարագլուխի Դիրքը Խլեց Մէօնշընկլատպախէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 15-րդ հանգրուանի արդիւնքներուն լոյսին տակ, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կրեց փոփոխութիւն: Լայփցիկ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆորթունա Տիւսելտոլֆի դաշտէն, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ նահանջեց երկրորդ դիրք` 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Վոլֆսպուրկի դաշտին վրայ: Անիկա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին: Երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց...

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019-ի Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Տըպպայէի Մարինային մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Ալի Ֆաուազ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ եւ այլ անդամներ, մարզական լրագրողներ, հիւրեր, մարզիկներուն ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները: Իր խօսքին մէջ, Ֆաուազ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները, իսկ Սալամէ ըսաւ, որ 2020 տարին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ա. Դասակարգի Տղոց Ախոյեանութիւնը` Երթուդարձով Եւ Առանց Օտարականներու

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսատ մնացած մրցումներուն յայտագիրը: Անիկա կը վերսկսի երեքշաբթի, 7 յունուար 2020-ին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ եւ առանց օտարականներու: Իսկ աղջկանց ախոյեանութիւնը (Ա. դասակարգ) պիտի սկսի շաբաթ, 11 յունուար 2020-ին:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ 2019 Տարեշրջանին Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի կատարէ 2019 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Վաղը` Վալենսիա – Ռէալ Մատրիտ Եւ Արսենալ - Մանչեսթըր Սիթի Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ընդհանրապէս պիտի կատարուին թեթեւ ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ, այսօր Լիվըրփուլ (առաջին) պիտի հիւրընկալէ Ուաթֆորտը (20-րդ): Վաղը տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը` Արսենալի (9-րդ) եւ Մանչեսթըր Սիթիի (3-րդ) միջեւ: Սպանիոյ մէջ, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Սոսիետատին...

Հայաստանի Մարզիկներու Լաւագոյն Տասնեակին Թեկնածուները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հրապարակեց 2019-ի 10 լաւագոյն մարզիկներուն մրցանակաբաշխութեան մասնակցող մարզիկներուն ցանկը: Ընդգրկուած են 2019 տարեշրջանին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած եւ մետալներու տիրացած 25 մարզիկներուն անունները: Ստորեւ` այդ ցանկը. Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ), Ռուբէն Ալեքսանեան (ծանրաբարձութիւն), Կարէն Ասլան (ըմբշամարտ), Արթուր Աւետիսեան (մարմնամարզութիւն), Արսէն Բաղրեան (Ուու շու), Յովհաննէս Պաչքով (կռփամարտ), Սլաւիկ Գալստեան (ըմբշամարտ), Սամուէլ Գասպարեան (սամպօ), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն),...

Մահացաւ Բենուր Փաշայեան

Երէկ մահացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի կրկնակի նախկին ախոյեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ Բենուր Փաշայեան, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը: Վերջին տարիներուն ան առողջական խնդիրներ ունէր: Ան եղած է նաեւ Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիչ:

Կռփամարտ. Դաւիթ Աւանեսեան Պաշտպանեց Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, կիսամիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Դաւիթ Աւանեսեան Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած մենամարտին յաղթանակ արձանագրեց սպանացի Խոսէ Տել Ռիոյի դէմ: Ռուսիան ներկայացնող կռփամարտիկը 12 ռաունտնոց մենամարտին իր այս յաղթանակը արձանագրեց նաք-աութով: Այսպիսով, 31 տարեկան կռփամարտիկը, Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանեց երկրորդ անգամ ըլլալով: Ան ցարդ իր կատարած 30 մենամարտերուն արձանագրած է 26 յաղթանակ, հաւասարութիւն...

Պարսելոնայի Նախագահը Կ՛երաշխաւորէ Ռէալ Մատրիտի Պատուիրակութեան Անվտանգութիւնը

Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, ըսաւ, որ կ՛երաշխաւորէ Ռէալ Մատրիտի պատուիրակութեան անվտանգութիւնը` 18 դեկտեմբերին Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի մրցումին գծով: Ան ըսաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Ռէալի պատուիրակութեան համար, սակայն վստահ է, որ որեւէ խնդիր չի յառաջանար: Ան եզրափակեց, որ թէեւ Քաթալոնիոյ մէջ իրավիճակը լարուած է, սակայն այս մրցումը իսկական տօն պիտի...

«Ֆորմիւլա 1». Լուիս Հեմիլթըն` Տարուան Լաւագոյն Վարորդը

«Ֆորմիւլա-1»-ի խումբերու պատասխանատուներուն քուէարկութեամբ, տարուան լաւագոյն վարորդը ճանչցուեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի ներկայացուցիչ Լուիս Հեմիլթըն, որ այս տարի 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան: 2-րդ դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի ներկայացուցիչ Շարլ Լեքլերք: Երեք վարորդներն ալ յաջորդաբար ապահովեցին 169,146 եւ 124 կէտ:  

Լիվըրփուլ Երկարաձգեց Եիւրկըն Քլոփի Պայմանագրութիւնը

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Լիվըրփուլ երկարաձգեց ակումբի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի պայմանագրութիւնը` մինչեւ 2024: 52 տարեկան մարզիչը իր պաշտօնը ստանձնեց հոկտեմբեր 2015-ին:

Page 652 of 1279 1 … 651 652 653 … 1,279

Արխիւներ