Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Փաշիկեանի Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Հայաստանի ճատրակի գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան երէկ Հայաստանի ճատրակի 2020-ի տղոց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին գծով կատարած իր երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց: Անոր նման երէկ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Զաւէն Անդրէասեան: Այժմ Փաշիկեան առանձինը 2 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին Մարիա Գէորգեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Աննա Խաչատրեան: Առաջին դիրքը առանձինն կը գրաւէ...

