Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի յանձնախումբին օժանդակ մարմինին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան, ուրբաթ, 10 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` Ամանորի եւ տօնական օրերուն առիթով:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի դասընթացքներուն հետեւող աշակերտները:
Մրցումները ընթացան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, անոր ընթացքին բոլոր մասնակցողները կը փորձէին տալ իրենց առաւելագոյնը, հակառակ անոր որ մրցանակներ չկային մրցաշարքին աւարտին:
Առաջին հանդիսացաւ Սամուէլ Քալաշ, իսկ երկրորդ` Մարտիկ Մարտիկեան:
Մրցաշարքի աւարտին բոլոր մասնակցողներն ալ ստացան յատուկ յուշանուէրներ, պատրաստուած` ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան կողմէ, տօնական օրերուն առիթով:
Մրցումներուն հսկեցին Հրայր Պրունսուզեան, Գէորգ Կոստանեան եւ Ժիրայր Օգնայեան: