Հայաստանի ճատրակի գործող ախոյեան Արման Փաշիկեան երէկ Հայաստանի ճատրակի 2020-ի տղոց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին գծով կատարած իր երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց:
Անոր նման երէկ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Զաւէն Անդրէասեան:
Այժմ Փաշիկեան առանձինը 2 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին Մարիա Գէորգեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Աննա Խաչատրեան:
Առաջին դիրքը առանձինն կը գրաւէ Սուսաննա Գաբոյեան` 2 կէտով:
Այսօր կը կատարուին Գ. հանգրուանի մրցումները: