Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Եուվենթուս հանդիսացաւ երթի ախոյեան` Ա. Էս. Ռոմայի դաշտին վրայ արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եուվենթուս 3-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը: 10-րդ վայրկեանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ փենալթիով նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի կազմէն:
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլան չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Աթալանթային եւ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւր կազմը 75-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ա. Սէ. Միլան, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քալիարիի դաշտին վրայ:
Զլաթան Իպրահիմովիչ 64-րդ վայրկեանին նշանակեց Ա. Սէ. Միլանի երկրորդ կոլը:
Եուվենթուս այժմ ունի 48 կէտ, Ինթեր` 46: