Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Պետրոս Աւետիսեան ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Նշուեցաւ, որ հայրենի ֆութպոլիստը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է ղազախական Թոպոլ Քոսթանայի հետ: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ չհրապարակուեցան:
Նախքան այս փոխանցումը, Աւետիսեան հանդէս կու գար Երեւանի Արարատ-Արմենիա ակումբին մէջ, որուն հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` մասնակցելով 39 մրցումի եւ նշանակելով 14 կոլ:
Թոպոլ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ չորրորդ: